2013-01-29 11:24:22

2013- ի Ճանապարհ Խաչիի Աղօթքներու Պատրաստութիւնը Յանձնուած` Կարդինալ Րայիին։


2012-ի սեպտեմբերին լիբանան կատարած այցելութեան յիշատակէն մղուած, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի այս տարուայ աւանդական ճանապարհ խաչիի 14 կայաններու բարեպաշտական աղօթքներու պատրաստութիւնը յանձնած է Մարոնիներու Պատրիարք` Կարդինալ Պշարա Պուդրոս Րայիի հոգատարութեան, հրաւիրելու համար համայն եկեղեցին աղօթելու` միջին արեւելքին ու հոն ապրող քրիստոնեայ հասարակութիւններուն դիտաւորութեան։
Յայտնենք որ ամէն տարի աւագ ուրբաթ օրուայ առթիւ Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Գոլոսսէում՝ երկհազարամեայ ամփիթատրոնի տարածքին վրայ կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքը որ կ՛ընդգրկէ Յիսուսի դէպի խաչելութիւն տանող չարչարանքներու 14 հանգրուանները։
2013-ի աւագ ուրբաթ օրուայ աղօթքները պիտի շարադրեն, Կարդինալ Րայիի հովանաւորութեան տա, երկու լիբանանցի երիտասարդներ։ Սրբազան Քահանայապետի այս ընտրանքը ազդու նշան մըն է Անոր հայրական հոգատարութեան հանդէպ լիբանանին որ միջին արեւելքի բազմակարօնութեան համակեցութեան խորհրդանիշ է եւ ուր քրիստոնեաներու ներկայութիւնը վտանգի ենթարկուած է։ Այս առաջին անգամը չէ որ Սրբազան Հայրը աշխարհականներու կը յանձնէ ճանապարհ խաչիի աղօթքներու պատրաստութիւնը։ Արդարեւ անցեալ տարուայ աղօթքները պատրաստուած էին ֆոքոլարինի շարժումի անդամ` տէր եւ տիկին Ծանուգիի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.